image
Հրատապ լուրեր:

Սպանիա իր ձեռքը դրաւ նախագահ Հաֆէզ Ասատի եղբօր ունեցուածքին վրայ. Գումարը կը գնահատուի 600 միլիոն Եւրոյով

Սպանիա  իր ձեռքը  դրաւ  նախագահ Հաֆէզ Ասատի  եղբօր  ունեցուածքին վրայ. Գումարը կը   գնահատուի  600 միլիոն Եւրոյով

Ֆրանսայի մաքսային ծառայութիւնը համագործակցութեամբ իր սպանացի ընկերնեուն հետ, գրաւած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հօրեղբօր Սպանիոյ մէջ գտնուող գոյքը, որ  կը գերազանցէ 600 միլիոն եւրօն:

 

Ֆրանսական «Le Figaro» թերթը կը հաղորդէ, որ գրաւուած է Ռիֆհաթ Ասատին եւ անոր հարազատներուն պատկանող, Սպանիոյ Մարիպա քաղաքին մէջ գտնուող մօտ 503 կառոյց, որոնք համարժէք են 600 միլիոն եւրօի: Ան նշած է որ խօսքը հիւրանոցներու, ճաշարաններու եւ շքեղ ունեցուածքներու մասին է:

 

Սպանիոյ Ազգային Արդարադատութեան խորհուրդը  անցեալ տարուան ապրիլին Ռիֆհաթ Ասատի կողմէ դրամի լուացման մասին հետաքննութիւն բացած էր: Այդ ընթացքին  Սպանիոյ իշխանութիւնները  16 անձի եւ 76 հաստատութիւններու դրամատնային հաշիւները սառեցուցած էր, որոնք կապուած եղած են Սուրիոյ նախագահի հօրեղբօր անունին հետ: