image

ԱՄՆ կրճատած Է թրքական «Ինճիրլիք» ռազմակայանէն կատարուող գործողութիւններու թիւը. The Wall Street Journal

ԱՄՆ կրճատած Է թրքական «Ինճիրլիք» ռազմակայանէն կատարուող գործողութիւններու թիւը. The Wall Street Journal

ԱՄՆ-ը կտրուկ կրճատած Է մարտական այն գործողութիւններու թիւը, որոնք կը կատարուին թրքական «Ինճիրլիք» ռազմակայանէն եւ կը դիտարկէ այնտեղ մշտական հիման վրայ տեղաւորուած անձնակազմի թուաքանակի կրճատման հնարաւորութիւնը:

Այդ մասին յայտնած Է «The Wall Street Journal» թերթը, վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատարներու, որոնք նշած են, որ տեղի ունեցածի պատճառը երկու երկիրներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններն են:

Ներկայիս «Ինճիրլիք»ի մէջ կուտակուած են F-22 Raptor եւ F-15 Eagle ամերիկեան կործանիչներ, ինչպէս նաեւ օդանաւեր: ԱՄՆ-ի զինուորական ներկայացուցիչի խօսքով՝ թրքական ռազմակայանի օգտագործման չափերու կրճատման հարցը «կը քննարկուի արդէն որոշ ժամանակ»: Անգարայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններու մէջ լարուածութիւնը կապուած է այն բանի հետ, որ Թուրքիան լրջօրէն անհանգստացած է Միացեալ Նահանգներու կողմէն սուրիացի քիւրտերու «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ուժերու» ջոկատներուն ցուցաբերուող աջակցութենէն: