image

Մահացած է աշխարհահռչակ տիեզերաբան Սթիվըն Հոքինկը

Մահացած է աշխարհահռչակ տիեզերաբան Սթիվըն Հոքինկը

Բրիտանական Քեմպրիճի մէջ 76 տարեկանին կեանքէն հեռացած է մեր ժամանակներու լաւագոյն գիտնականներէն մէկը՝ ֆիզիկոս, տիեզերաբան, «Ժամանակի հակիրճ պատմութիւնը» աշխատութեան հեղինակ Սթիվըն Հոքինկը:

Ինչպէս կը յայտնէ The Guardian-ը, փրոֆեսորը, որու գաղափարներու շնորհիւ ձեւաւորուած է ժամանակակից տիեզերաբանութիւնն ու ընկալելի դարձած բազմամիլիոնանոց ոչ մասնագիտական լսարանի համար, մահացած է իր տան մէջ՝ հարազատներով շրջապատուած:


Գիտնականի ընտանիքն արդէն տարածած է անոր մահը հաստատող պաշտօնական յայտարարութիւն:

Յայտնի է, որ Հոքինկը կը տառապէր հազուագիւտ հիւանդութենէ (մկաններու ապաճման երկրորդային կարծրախտ), որ անոր մօտ ախտորոշուած էր 21 տարեկանին: Այս հիւանդութիւնը տասնամեակներ շարունակ անոր աստիճանաբար անդամալոյծ դարձուցած էր: