image

Մարի Պէյլէրեան, Ո՞վ էր ան.«Ակօս» լոյսին կը բերէ Ցեղասպանութեան զոհ գացած գործիչին յիշատակը

Մարի Պէյլէրեան, Ո՞վ էր ան.«Ակօս» լոյսին կը բերէ Ցեղասպանութեան զոհ գացած գործիչին յիշատակը

Պոլսոյ «Ակօս» թերթը Կանանց միջազգային օրուան առիթով անդրադարձած է պոլսահայ գործիչ, մտաւորական, ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ կիներէն Մարի Պէյլերեանին:

Վկայակոչելով պոլսահայ ժամանակակից գործիչ Գայուշ Չալըքմանի` օրերս կանանց իրաւունքներուն նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս «Կանայք միշտ ալ կային/Թուրքիոյ ձախակողմեան շարժումներէն կանանց դիմանկարներ» զեկոյցը` պարբերականը ներկայացուցած է 1915-ի մոռցուած զոհերէն Պէյլերեանի գործունէութիւնն ու կեանքի ուղին:

«Մարի Պէյլերեան 19-րդ դարու վերջը գործունէութիւն ծաւալած հայ մտաւորական ու գործիչ կիներէն երեւի թէ ամենաքիչ յայտնին է: 1915-ի Ապրիլին մահուան ճամբորդութեան դուրս բերուած հայ մտաւորականներու անունները, կարծես, ամբողջովին յայտնի են եւ յաճախ կը շրջանառուին: Այս շահարկուող ցուցակին մէջ ոչ մէկ կնոջ անուն կայ:

Բախտի բերմամբ վերջին պահուն փրկուած Զապէլ Եսայեան, կարծես, աքսորուած մտաւորականներու ցուցակին մէջ միակ կինն էր: Կար նաեւ Սիպիլը, որուն անունը թէեւ ցուցակին մէջ չէ նշուած, սակայն ամուսինին հետ միասին կրցաւ հրաշքով խուսափել ողբերգութենէն: Ցեղասպանութեան զոհ գացած է նաեւ Մարի Պէյլերեանը», – «Թերթ»-ի փոխանցմանբ՝ իր զեկոյցին մէջ կը նշէ Գայուշ Չալըքման:

Իր աշխատութեան մէջ Չալըքման նաեւ մէջբերած է Մարի Պէյլերեանի գիրչին պատկանող նկատառումը` հայ պատմութեան մէջ կանանց դերի ու անոնց անդրադարձերու մասին:

«Խորենացին, Գօշը, Եղիշէն ու մեր բազմաթիւ հայ պատմաբաններ այնքան խորին յարգանքով կը խօսին իրենց ժամանակներու կանանց մասին, որ կը կոտրեն այն միտքը, թէ մեր պատմութեան մէջ հայ կանանց այդքան ալ կարեւորութիւն չէ տրուած: Կը կարծեմ, որ չափազանցուած են ժամանակակից հասարակութեան այն մտքերը, թէ հայ կանանց դերը ժամանակին փոքրացուած է: Սակայն մեր պատմաբանները հիմնականօրէն խօսած են ազնուական տիկնանց մասին` ինչպէս թագաւորներու կանայք էին, եւ, ի հարկէ, անոնց մասին խօսելու ատեն չէին կրնար վերջիններուս ազնուական դիրքը վնասող որեւէ արտայայտութիւն ընել: Սակայն ժողովուրդին մէջէն դուրս եկած հասարակ կանանց դասի մասին նախընտրած են լռել», – ժամանակին գրած է Պէյլերեան:

«Ցեղասպանութեան զոհերէն մէկը եղած Մարի Պէյլերեան կարեւոր դեր ստանձնած է հայ ժողովուրդի քաղաքական ու գրական կեանքին մէջ, սակայն, ցաւօք, անոր անունը մոռացութեան մատնուած է պատմութեան էջերուն մէջ»,-կը  շարունակէ Չալըքմանին մէջբերած «Ակօս»-ը` ներկայացնելով պոլսահայ կին գործիչին կեանքը:

Մարի Պէյլերեան ծնած է 1877 թուականին, Կ.Պոլսոյ հայաշատ Պեշիկթաշ շրջանին մէջ:

Ըստ Չալըքմանի` թէեւ որոշ աղբիւրներու մէջ կը նշուի Պէյլերեանի` «Եսայեան» վարժարանին մէջ ուսած ըլլալու մասին, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, Պէյլերեան շրջանաւարտն էր «Նարեկեան» վարժարանէն, ուր այսօր կը գործէ «Եսայեան»-ը:

Յայտնի է, որ վերջինս եղած է 1895-ի «Պապը Ալի»ի նշանաւոր բողոքի ցոյցի կազմակերպիչներէն` ելոյթ ունենալով յեղափոխութեան կոչով: Խուսափելով թրքական ոստիկանութեան հետապնդումէն` սկիզբը ապաստանած է Եգիպտոս, ուր զբաղած է ուսուցչութեամբ: 1902-1903 թուականներուն այստեղ հրատարակած է «Արտեմիս» կանանց հանդէսը, որ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան կոչով առաջին հայկական պարբերականն էր: Աւելի ուշ` 1908-ի երիտթրքական յեղաշրջումէն ետք վերադառնալով հայրենիք` Կ. Պոլսոյ եւ Թոքաթի (պատմական Եւդոկիա) մէջ զբաղած է ուսուցչութեամբ:


Լուրը  «Թերթ.ամ»էն