image

«Ես մեծ վստահութիւն ունիմ իմ ատամնաբոյժիս հանդէպ» Լիբանանցի ղեկավարին գրառումը հայազգի բժիշկին մասին

«Ես մեծ  վստահութիւն ունիմ  իմ  ատամնաբոյժիս  հանդէպ»  Լիբանանցի ղեկավարին գրառումը հայազգի բժիշկին մասին

Լիբանանցի քաղաքական գործիչ Ուալիտ Ժոմպլաթ Թվիթըրի իր էջով դրուատիքով արտայայտուած է իր ատամնաբոյժին մասին:  Ան  մասնաւորապէս գրած է. «Երբ մարդս իր տարիքը կ'առնէ, դէմ հանդիման կ'ըլլայ առողջական հարցերու ու յատկապէս ատամներու հարցերու, բայց երբ բժիշկդ Ժիրայր Թապուրեանն է,  ապա  մտահոգուելու կարիք չունիս: Ես մեծ  վստահութիւն  ունիմ իմ բժիշկիս նկատմամբ»,- գրառած է Ժոմպլաթ, ողջոյնի խօսք ուղարկելով Ժիրայր Թապուրեանի հօր՝  Ժիրայր (երէց) Թապուրեանին , որ  նոյնպէս ատամնաբոյժ է   եւ կը կրէ  նոյն  անունը:

Յիշեցնենք, որ Լեռնալիբանանի մէջ ապրող տիւրզիներու առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ կը սերի Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ իր նշանակալից դերն ունեցած Ժոմպլաթներու շառաւիղէն ու անոր հայրը՝ Քամալ Ժոմպլաթ եղած է հիմնադիրը  Լիբանանի յառաջդիմական կուսակցութեան: