Ֆէյսպուքեան շարք մը էջեր երէկ լուրեր տարածած են այն մասին, թէ սուրիացի դերասան Ապտ Ալ Մունէէմ Ալ Ամայրի Դամասկոսի մէջ ռմբակոծման զոհ դարձած է:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքը յայտնած է, որ դերասանին մասին տարածուած լուրերը իրականութեան չեն համապատասխաներ, եւ Ամայրի անձամբ հերքած է իր վնասուած ըլլալու լուրը: