image
Հրատապ լուրեր:

Տէր Զօր «Տահէշ»ի ենթակայ շրջաններուն մէջ գանձ յայտնաբերուած է

Տէր Զօր «Տահէշ»ի ենթակայ շրջաններուն մէջ գանձ յայտնաբերուած է

Տէր Զօր նահանգի արեւելեան արուարձաններուն մէջ, որոնք վերջերս ազատագրուած են «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներէն, մեծ քանակով ցորեն յայտնաբերուած է, եւ ներկայիս նահանգի Հատիկեղէնի վարչութիւնը յայտնաբերուած գանձը կը բեռցնէ, Հոմս եւ Դամասկոս ուղարկելու համար:

Վարչութեան տնօրէն Ատիպ Ռաքատ «Սանա» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ յայտնաբերուած ցորենը այլ նահանգ ուղարկելու պատճառն այն է, որ նման մեծ քանակով հատիկեղէնը Տէր Զօրի մէջ ամբարելու եւ մշակելու հնարաւորութիւն չկայ:

Ռաքատի հաղորդմամբ, նշուած շրջանին մէջ յայտնաբերուած ցորենը մօտ 50 հազար թոն կը կշռէ, եւ անցնող չորս ամիսներու ընթացքին մօտ 31 հազար թոն ուղարկուած է դէպի Հոմս եւ Դամասկոս:

Նշենք, որ Տէր Զօրի ազատագրումէն ետք, Սուրիոյ բանակը հազարաւոր թոն կշռող գողցուած ցորեն ու ալիւր յայտնաբերած էր «Տահէշ»ի զինեալներու գտնուած վայրերէն: