image

Երեւան հաստատուած հալէպահայ գործարարներ Գերմանիա այցելած են (Լուսանկարներ)

Երեւան    հաստատուած    հալէպահայ գործարարներ   Գերմանիա  այցելած են  (Լուսանկարներ)

Սուրիական պատերազմի հետեւանքով վերջին տարիներուն Երեւան հաստատուած  7 սուրիահայ գործարարներ գործնական այցելութիւն կատարած են Գերմանիոյ  Դաշնային հանրապետութիւն, ուր  անոնք հնարաւորութիւն ունեցած են այցելելու գերմանական ընկերութիւններ եւ արտադրամասեր, ծանօթանալու     տարբեր ոլորտներուն մէջ      գործադրոող        ճարտարարուեստական արդիական     միջոցներուն: 

  Անոնք   նոյնպէս ներկայացուցած են իրենց արտադրանքը՝ նպատակ ունենալով հաստատել  գործնական կապեր եւ հնարաւոր համագործակցութիւն ծաւալել  գերմանական կողմի հետ: 

 
Նշենք, որ սուրիահայերու Գերմանիա այցը կազմակերպուած էր GIZ-ի «Սուրիահայերու տնտեսական ընդելուզումը Հայաստանի մէջ» ծրագրի շրջածիրէն ներս: 

 Սուրիահայ գործարարները հանդիպումներ ունեցած են Ֆրանքֆորթի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ եւ Պերլինի մօտ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեաի հետ, որ իր հերթին շեշտած է այս ծրագրի կարեւորութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը: 

Դեսպանութիւնը յառաջիկային նոյնպէս պիտի փորձէ աջակցիլ խումբի ներկայացուցիչներուն Գերմանիոյ մէջ յետագայ հնարաւոր համագործակցութիւն ու կապեր ձեռք բերելու նպատակով: