image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ կինը Աթէշեան սրբազանի դէմ բողոքի արարք կատարած է

Պոլսահայ կինը Աթէշեան սրբազանի դէմ բողոքի արարք կատարած է

Պոլսոյ Ֆերիքիոյի (Ֆերիգիւղ) հայկական եկեղեցւոյ մէջ Բարեկենդանի նուիրուած պատարագի ժամանակ Պեսսէ Քապաք անունով կինը բողոքած է արք․ Արամ Աթէշեանին դէմ։

Ինչպէս կը գրէ news.am-ը, Պեսսէ Քապաք եկեղեցւոյ մէջ ոտքի կանգնած բարձրաձայն Աստուածաշունչ կարդալով բողոքած է արք․ Արամ Աթէշեանին փոխպատրիարք վերանշանակումը:

Արք․ Արամ Աթէշեանի հրահանգով կնոջ դուրս հանած են եկեղեցիէն, ուրկէ ալ անոր դուրսը սպասող ոստիկանները տարած են ոստիկանական բաժանմունք։

Այնտեղ կնոջ ըսած են, որ ան հիւր է եւ խնդրած են  բացատրագիր գրել, որմէ ետք ազատ արձակած են։

Նշենք, որ թրքական իշխանութիւններու ճնշման տակ Պոլսոյ հայոց փոխպատրիարք վերանշանակուած արք․ Արամ Աթէշեանը։

Օրինական ճանապարհով պատրիարքական տեղապահ ընտրուած արք․ Գարեգին Պեքճեանը դեռ չհաստստուած տեղեկութիւններով՝ հրաժարական տուած է։