image
Հրատապ լուրեր:

Քուէյթահայ գործարարի հերթական յաջողութիւնը (Լուսանկարներ)

Քուէյթահայ գործարարի հերթական յաջողութիւնը (Լուսանկարներ)

Քուէյթահայ գործարար Յակոբ Գույումճեանի ջանքերով ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը կը պատրաստուի օգտագործման դնել  մարդատար արդիական կառքեր: Այս  մասին տեղեկութիւնը ստացանք  Action ՍՊԸ  ընկերութենէն, որուն տէրն  ու տնօրէնն է արմատներով Հալէպցի գործարարը:

 Կառքերու առաջին խմբաքանակը անցնող օրերուն արդէն իսկ հասած է Հայաստան  եւ շատ հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն  այն շահագործման պիտի դրուի:

Կողմերուն միջեւ կնքուած այս համաձայնութեան մէջ նոյնպէս ներառուած են տարբեր տեսակի կառքեր, որոնք ուղղակիօրէն Չինաստանէն Երեւան կը հասնին: