image

Երկու սուրիահայ գործարար կանայք կիսուած են իրենց յաջողութեան պատմութիւններով. GIZ

Երկու սուրիահայ գործարար կանայք կիսուած են իրենց յաջողութեան պատմութիւններով. GIZ

Երեւանի մէջ օրերս կայացած՝ Սուրիահայ գործարարներու համար պիզնես աջակցութեան ծրագիրներ ներկայացնող միջոցառման, երկու սուրիահայ գործարար կանայք՝ Սօսի Գարատանայեան եւ Արինա Սանդուրեան կիսուած են իրենց յաջողութեան պատմութիւններով։

Միջոցառումը կազմակերպուած էր Միջազգային համագործակցութեան գերմանական խնայողական դրամատուներու միութեան կողմէ, GIZ-ի «Սուրիացի փախստականներու տնտեսական ընդելուզումը (ինտեկրումը) Հայաստանի մէջ» ծրագրի աջակցութեամբ:

Ծրագրի ղեկավար Ուիլհելմ Հուկոն եւ Գերմանական խնայողական դրամատուներու միութեան Հայաստանեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Նաթալի Վորոպեւը ներկայացուցած են ծրագրի արդիւնքները եւ միջոցառման մասնակիցներուն հրաւիրած են մասնակցելու յառաջիկայ դասընթացներուն՝ զարգացնելու իրենց գիտելիքները եւ հմտութիւնները պիզնեսի ոլորտին մէջ։

«Adwise Consulting» կազմակերպութեան փորձագէտները ներկայացուցած են դասընթացներուն առընչուող որոշ մանրամասներ, որոնք հիմնական կը վերաբերին պիզնեսի կառավարման, բիզնես ծրագրի ներկայացման եւ շարք մը այլ թեմաներու։