image

Յարձակում՝ Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանին վրայ

Յարձակում՝  Աւստրիոյ մէջ  Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանին վրայ

21 յունուարի գիշերը Աւստրիոյ Զալցպուրկ քաղաքին մէջ, անյայտ անձինք յարձակած են Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանի շէնքին վրայ:

Ըստ «Haberturk» լրատուամիջոցին, յարձակման հետեւանքով կոտրուած են հիւպատոսարանի շէնքի ապակիները: Յարձակում գործողները չեն կրցած մուտք գործել հիւպատոսարան: Անոնք դիմած են փախուստի:

Տեղի ունեցածի առնչութեամբ Զալցպուրկի ոստիկանութեան  սահմանադրական պաշտպանութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութեան կողմէ հետաքքնութիւն սկսած է: Ձերբակալուած է 3 մարդ: