image

Տխուր միջադէպ Հալէպի մէջ. Ոչ եւս է Յովսէփ Մկրտիչ Պոյաճեանը (Մահազդ)

Տխուր միջադէպ Հալէպի  մէջ. Ոչ եւս է Յովսէփ Մկրտիչ Պոյաճեանը (Մահազդ)

Տխուր միջադէպ մը գրանցուած է Հալէպի մէջ: Հալէպահայ ՅովսէփՄկրտիչ Պոյաճեան վերջ տուած է իր կեանքին: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, որ դէպքին մանրամասնութիւնները կը   շարունակեն  մնալ  անյայտ:

Կը  հաղորդուի, որ հանգուցեալը փոքր սրճարանի մը սեփականատէրն էր Հալէպի «Թէլէֆոն հաուայի» շրջանին  մէջ:

 Պոյաճեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը կատարուած է երէկ Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան մատրան  մէջ:

 Յովսէփ Պոյաճեան  47 տարեկան  էր: