image

CHP-ի նախագահ Քըլչտարօղլուի եւ հայ պատգամաւոր Տողանի խօսքը՝ Տինքի յիշատակին

CHP-ի նախագահ Քըլչտարօղլուի եւ հայ պատգամաւոր Տողանի խօսքը՝ Տինքի յիշատակին

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը համարուող քեմալական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն Twitter-ի իր պաշտօնական էջին գրառում կատարած է պոլսահայ լրագրող, «Ակօս»-ի հիմնադիր եւ նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մասին:

«Իմ յարգանքը կը յայտնեմ 11 տարի առաջ յարձակման զոհ դարձած լրագրող Հրանդ Տինքի յիշատակին», - ըսած է քեմալականներու առաջնորդը:

Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան պաշտօնական էջին ալ կուսակցութեան գլխաւոր շտապը նշած է, որ պիտի շարունակեն պայքարիլ յանուն ազատ Թուրքիոյ՝ ի յիշատակ այդ հողերուն վրայ անարդար կերպով կեանքէն հեռացածներուն, ինչպիսին էր Տինքը:

«Յարգանքով կը յիշենք 11 տարի առաջ այս օրը դաւաճանաբար իրականացուած սպաննութեան հետեւանքով մեզանմէ հեռացած Հրանդ Տինքը», - նշուած է կուսակցութեան էջին Տինքի նկարին կից եղած գրառման մէջ:

Տինքի մահուան տարելիցի առթիւ Facebook-ի իր պաշտօնական էջին գրառմամբ հանդէս եկած է կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Սելինա Տողանը։

«11 տարի անցած է: Չենք մոռցած, չենք մոռնար… անոր «մեղքը» շատ մեծ էր: Ան ջանք թափած էր, որպէսզի մեծ հասարակութիւնը տեսնէ հայերու՝ անցեալին ապրած ցաւերը: Այնքան մեծ էր այդ «մեղքը», որ նախ թիրախաւորուեցաւ մամուլի կողմէ, անոր դէմ դատական գործեր բացուեցան, իսկ յետոյ ալ 17 տարեկան երեխայի ձեռքը զէնք տալով սպաննեցին անոր «Ակօս»ի դիմաց, այն «Ակօս»ի, որուն ան փայփայած ու աճեցուցած էր իր սեփական երեխային պէս: Չենք մոռացած, չենք մոռանար… »,- գրած է Տողան ընկերային ցանցի իր էջին:

Հայազգի պատգամաւորը շեշտած է, որ Տինքի սպանութիւնը եղած է մանրակրկիտ կերպով ծրագրաւորման արդիւնք եւ իրենք՝ որպէս իրաւապաշտպաններ ու օրէնքի դաշտի մարդիկ, շատ լաւ գիտեն, թէ ինչ կը փաստէ Տինքի սպանութեան կազմակերպիչներու անուններու մինչ օրս չհրապարակուած ըլլալը: