image
Հրատապ լուրեր:

ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւնը այցելած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանին

ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւնը այցելած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանին

Յունաստանի ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւնը, 18 յունուար 2018-ին այցելած է ՀՀ Դեսպանութիւն եւ հանդիպում ունեցած է Յունաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպա` Ֆատէյ Չարչօղլեանին հետ:

ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւնը գլխաւորած էր ատենապետ` Յովհաննէս Շահինեանը:

ՀՀ դեսպանը ջերմօրէն ընդունած է Վարիչ Մարմնի անդամները, եւ անցած տօները փոխադարձ շնորհաւորելէ ետք, կողմերը զրուցած են Հայաստանի, Արցախի եւ Յունաստանի մէջ հայ համայնքին վերաբերող եւ յուզող հարցերու շուրջ:

Ատենապետ Յովհաննէս Շահինեան իր համոզմունքը արտայայտած է պարոն դեսպանին, որ, ինչպէս միշտ, պիտի շարունակենք միասնաբար աշխատիլ ի նպաստ մեր հայրենիքին: Պարոն դեսպանը խորին վստահութեամբ ըսած է, որ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը միշտ եղած է Հայաստանի եւ հայութեան կողքին: