image

Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի մասնակցի Երուսաղէմի մասին Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին

Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի մասնակցի Երուսաղէմի մասին Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին

Երէկ գիշեր, Երեքշաբթի 16 Յունուարին, Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Գահիրէ, մասնակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

Համագումարը տեղի կ՚ունենայ նախագահութեամբ Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն ու մասնակցութեամբ կրօնական, պետական ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներու։

Համագումարի առաջին նիստին խօսք պիտի առնէ Վեհափառ Հայրապետը։
Ազհարը Սիւննի իսլամ համայնքի միջազգային կեդրոնը կը նկատուի եւ կրօնական ու բարոյական մեծ վարկ կը վայելէ իսլամական աշխարհէն ներս։