image

Օսման Պայտեմիր բառի մը համար տուգանուեցաւ

Օսման Պայտեմիր բառի մը համար տուգանուեցաւ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) պատգամաւոր, Տիարպէքիրի նախկին քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր 12000  թրքական լիրայով (3200 տոլար) տուգանուած է մէճլիսի ամբիոնէն «Քիւրտիստան» բառը հնչեցնելու համար:

Ըստ թրքական «Demokrathaber.org»ին, այս մասին Պայտեմիրին տեղեկացուցած է մէճլիսի ֆինանսական հարցերու վարչութիւնը:

Թուրքիոյ խորհրդարանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ Քիւրտիստան բառի համար կիրառուած տուգանքը կապուած է ամիսներ առաջ խորհրդարանի ներքին կանօնակարգի մէջ ընդունուած փոփոխութիւններու հետ:

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) եւ «Ազգայնական շարժում» (MHP) կուսակցութիւներու նախաձեռնութեամբ ընդունուած էր մէճլիսի նոր ներքին կանոնադրութիւն, որուն համաձայն կ'արգելուի «Հայոց ցեղասպանութիւն», «Քիւրտիստան», «քրտական նահանգներ» արտայայտութիւներու կիրառումը:

Ըստ այդ կանոնադրութեան՝ կարգազանց պատգամաւորները կը զրկուին 2 նիստի մասնակցելու իրաւունքէ եւ կը տուգանուին աշխատավարձի 2/3-ով: