image

Իմ ձերբակալութեան համար Պաքու վճարեց մէկ միլիառ տոլար. Լափշին

Իմ ձերբակալութեան համար Պաքու վճարեց մէկ  միլիառ տոլար. Լափշին

Ռուս-իսրայէլցի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին յայտնած է, որ իր ձերբակալութիւնը Ատրպէյճանի վրայ արժած է մէկ միլիառ տոլար: Այս մասին պլոկըրը գրած է իր ֆէյսպուքեան էջին:

«Դժուար է այս ամէնը արտայայտել գումարի յստակ չափով: Կը համարձակիմ ենթադրել, որ Պաքուի բանտին մէջ իմ մնալու համար ատրպէյճանցի ժողովուրդը վճարած է ոչ պակաս, քան 1 միլիառ տոլար: Որպէսզի հասկնաք, թէ ինչ է մէկ միլիառ տոլարը Ատրպէյճանի համար, կ'ըսեմ, որ միջին աշխատավարձը Պաքուի մէջ չի գերազանցեր ամսական 300 տոլարը, իսկ շրջաններու մէջ՝ 200 տոլար: Կենսաթոշակները առնուազն 100 տոլար կը կազմեն», – գրած է Լափշին:

Պլոկըրը նշած է, որ այդ գումարով անոնք կրնային կացարաններ կառուցել Ղարաբաղից փախստականներու համար, որոնք աղքատութեան մէջ կ'ապրին:


Լափշին գրած է, որ իր հետ կապուած պատմութեան պատճառով, իհարկէ, ոչ մէկը չխզեց Պաքուի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, պատժամիջոցներ չսահմանեց եւ չդադարեցուց զէնք վաճառել, սակայն «անուղղակի վնասը, կը կարծեմ, հսկայական է եւ ակնյայտօրէն չի համապատասխաներ իմ անձի վնասի մաշտապներուն»: Անոր  խօսքով՝ Ռուսիոյ նախագահ Փութին այն մարդը չէր, որ կը հանդուրժէր իր նկատմամբ Ատրպէյճանի արհամարհանքը, եւ անմիջապէս դադարեցուց իր տարածքին մէջ չափազանց ազդեցիկ Համառուսաստանեան ատրպէյճանական գոնկրէսի գործունէութիւնը:


«Ակնյայտօրէն, իմ պատմութիւնը շատ զբօսաշրջիկներու ետ կանգնեցուց Ատրպէյճան այցելելու միտքէն: Եւ երբեք կարելի չէ գիտնալ՝ յստակ որքան: Հնարաւոր է, ընդամէնը հազար, կամ հարիւր հազար: Բայց սա նոյնպէս միլիոնաւոր տոլարի վնասներ են: Հինգ միլիոն, թէ քսան՝ այդ գումարներով անոնք կրնային ամբողջ միքրօթաղամաս կառուցել աղքատութեան մէջ ապրող Ղարաբաղից փախստականներուն համար»,- նշած է Ալեքսանտր Լափշինը: