Յետ երկարատեւ հիւանդութեան Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Վահէ Գասարճեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն: Երկար տարիներ «Քարէն Եփփէ Ազգային վարժարան»ի երգի ուսուցիչ եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ դպրապետ ու դպրաց դասի պատասխանատու պրն. Վահէն, Սուրիոյ պատերազմին թէժացումէն ասդին փոխադրուած էր Հայաստան:
Մեր տուեալներով, շատերու նման բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած պրն. Վահէն շատ ծանր տարած է պատերազմական իրավիճակը ու այդ ահը ձեւով մը լռութեան մատնած է հայ երգն ու երաժշտութիւնը սիրող ու անով ապրող ու ապրեցնող հանգուցեալ հալէպահայը:
Անոր վերջին յարգանքի եւ յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ: