image

Սուրիացիներուն այս տարի 3,5 միլիառ տոլարի օգնութիւն պէտք է յատկացուի. ՄԱԿ

Սուրիացիներուն այս տարի 3,5 միլիառ տոլարի օգնութիւն պէտք է յատկացուի. ՄԱԿ

ՄԱԿ-ը պիտի փորձէ միջազգային նուիրատուներէն 3․5 միլիառ տոլարի յատկացում ապահովել, որ անհրաժեշտ Է 2018 թուականին Սուրիոյ 13 միլիոն բնակիչներու օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Դամասկոսի մէջ այս մասին յայտնած Է համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Մարք Լոուքոքը:

Ան նշած Է, որ յառաջիկային պիտի հաստատուի սուրիական ճգնաժամի հակազդման ծրագիրը:

Ամփոփելով անցեալ տարուան արդիւնքները` ան յայտարարած Է, որ ՄԱԿ-ը, գործընկերներու հետ միասին, ամէն ամիս օգնութիւն տրամադրած է Սուրիոյ 7,5 միլիոն բնակիչներու: Անիկա ներառած Է պարէնամթերք, դեղորայք եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ: Բացի այդ, միջազգային կազմակերպութիւնները երկրին մէջ իրականացուցած են կրթական ծրագիրներ, վերականգնած բժշկական հիմնարկներու աշխատանքը եւ երեխաներու պատուաստումներ կատարած:

Մարք Լոուքոք կ'ակնկալԷ, որ Սուրիա իր այցը դրական տեղաշարժերու պիտի յանգեցնէ պաշարուած շրջաններու բնակչութեան օգնութիւն ցուցաբերելու գործին:

Կը սպասուի, որ իր այցի արդիւնքերու շուրջ ան զեկոյցով հանդէս գայ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Յունուար 30-ին: