image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպահայ Կարապետ Ամպարճեանի մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ հոգեհանգիստ Պէյրութի մէջ

Հալէպահայ Կարապետ Ամպարճեանի մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ հոգեհանգիստ Պէյրութի մէջ

Երկու տարի  առաջ, Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած հալէպահայ Կարապետ Ամպարճեանի մահուան երկրորդ տարելիցի առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Պէյրութի մէջ:

Հալէպահայ յայտնի գործարարը երկար տարիներ ծառայած է քաղաքի Ազգային կառոյցներուն եւ եղած է Հալէպի ազգային պատսպարանի խնամակալ: Ան իր  ցուցաբերած նուիրումին համար արժանացած է Սուրիոյ երեք հայ համայնքապետերու «Ծառայութեան պատուոյ շքանշան» ին:

Հանգուցեալին հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի կիրակի՝ 14 յունուար, 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:

Այս առթիւ Կարապետ Ամպարճեանի որդին՝ Ճորճ Ամպրճեան հետեւեալ գրառումը կատարած է.-

«Երկրորդ տարին ըլլալով, հայրիկ, ֆիզիքապէս բացակայ ես մեզմէ, սակայն ներկայ է մեր սրտերուն մէջ՝ յոյս եւ ուժ ներշնչող քու ոգիդ:

Հա՛յր, յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ քեզ ճանչցող բոլորին յիշողութեան մէջ:

Քու բարի ու քուրքուրացող յիշատակդ միշտ վառ պիտի պահենք մեր սրտերուն մէջ:

Տիրան, Նորա, Ճորճ, Թամար»: