image

Վատ վարկանիշ Թուրքիոյ համար. Հրապարակուած է Standard & Poors-ի զեկոյցը

Վատ վարկանիշ Թուրքիոյ համար. Հրապարակուած է Standard & Poors-ի զեկոյցը

Միջազգային վարկանիշային «Standart & Poor’s» (S&P) կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած զեկոյցի համաձայն՝ Թուրքիան 20 զարգացող խոշոր երկիրներու շարքին «բացասական» վարկանիշ ունեցող երեք երկիրներէն մէկն է։

Ընդհանուր առմամբ, կազմակերպութիւնը նշուած 20 երկրներէն միայն 3-ի համար սահմանած է «բացասական», իսկ եւս 3-ի համար՝ «դրական» վարկանիշ։

«Բացասական» վարկանիշ ունեցող միւս երկու երկիրներն են Պրազիլն ու Քաթարը։ Իսկ «դրական» վարկանիշ ունին Եգիպտոսը, Ռուսաստանը եւ Հունկարիան։

«S&P»-ն մնացած բոլոր երկիրներու համար սահմանած է «կայուն» վարկանիշ։