Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ներկայ գտնուած է Պոլսոյ յայտնի Սուրբ Ստեփանոս ուղղափառ եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութեանը, այս մասին գրած է «Ակօսը»:
Պուլկարական համայնքին պատկանող յայտնի տաճարը կառուցուած է 1898 թուականին՝ նշանաւոր հայ ճարտարապետ Յովսէփ Ազնաւուրի նախագիծով: Նախագիծը հաստատուելէ ետք տաճարի կառուցման համար յայտարարուած է միջազգային մրցոյթ, որ շահած է աւստրիական ընկերութիւն մը ու ձեռնամուխ եղած կառուցման աշխատանքներուն, որոնք տեւած են շուրջ 5 տարի:
Սուրբ Ստեփանոսի կառուցման ժամանակ որպէս շինարարական նիւթ երկաթի եւ թուջի կիրառումը պատճառ դարձած են, որպէսզի այն յայտնի դառնայ նաեւ «Երկաթէ եկեղեցի» անունով: Տաճարի կառուցուածքը թոյլ կու տայ այն ցանկացած պահի առանձնացնել մի քանի մասի ու տեղափոխել այլ վայր:
Պոլսոյ Ֆենէր շրջանին մէջ գտնուող տաճարը, որ մեծ յայտնիութիւն կը վայելէ զբօսաշրջիկներու հաամաար, այժմ իր դռները բացած է աւելի քան 7 տարի տեւած վերակառուցման աշխատանքներէ ետք:
Վերաբացման պաշտօնական արարողութեան նախագահ Էրտողանէն բացի ներկայ գտնուած են շարք մը նախարարներ ու այլ բարձրաստիճան այրեր: Հրաւիրուած են Թուրքիոյ քրիստոնեայ համայնքներու շարք մը հոգեւոր առաջնորդներ. իշխանութիւնները հայ համայնքէն հրաւէր ուղարկած են Պոլսոյ պատրիարքի նախկին փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին, որ ներկայ գտնուած է արարողութեան:
Թուրքիոյ «Հայ ճարտարապետներու միութեան» ղեկավար խումբի անդամ, «Մշակութային ժառանգութեան պահպանման» միութեան հիմնադիր եւ ղեկավար խումբի անդամ, արուեստի պատմութեան փրոֆեսոր եւ հայ մշակոյթի մասնագէտ Էլմոն Քարսարվանեան Հանչէրը եկեղեցւոյ վերաբացման առիթով ընկերային ցանցերէն մեկուն իր պաշտօնական էջին վրայ նշած է, որ նման զանգուածային միջոցառման լուսաբանման ընթացքին հայ ճարտարապետի անունը չշօշափելը անընդունելի ու վրդովեցուցիչ փաստ է:
Յովսեփ Ազնաւուրի մասին խուսափած է խօսիլ նաեւ Էրտողանը, որ իր ելոյթի ընթացքին հպարտութեամբ նշած է, թէ նման իւրայատուկ կառուցուածք ունեցող «շարժական» եկեղեցի աշխարհի մէջ միայն երեք հատ կայ, եւ անոնցմէ մէկը, փաստօրէն, Թուրքիոյ մէջ է:
Լուրը՝ Tert.am-էն