image

Յարձակում Պրիւքսէլի հայկական միութեան մէկ ակումբի վրայ

Յարձակում Պրիւքսէլի հայկական միութեան մէկ ակումբի վրայ

Յունուար 5-ի գիշերը Պրիւքսէլի Սհարպէք թաղամասին մէջ գտնուող հայկական «Սահակեան միութեան» շէնքի վրայ անյայտ անձիք կրակ արձակած են եւ դիմած փախուստի: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս» թերթը: Յարձակման հետեւանքով վնասուած են շէնքի դուռն ու պատուհանները: Զոհեր ու վիրաւորներ չկան: Կազմակերպութիւնը ներկայիս փակ է, սակայն շուտով պիտի վերաբացուի:

Աղբիւրը կ՛ենթադրէ, որ յարձակումը կրնար իրականացուած ըլլալ ազգայնամոլական հողի վրայ, քանի որ թաղամասը հիմնականօրէն թրքաբնակ է: Այստեղ կ՛ապրին Թուրքիայէն գաղթած քաղաքացիներ, որոնք տարիներ շարունակ աչքի կու գան իրենց ազգայնամոլական գործունէութեամբ:  «Agos»-ը կը յիշեցնէ, որ 6 տարի առաջ այստեղ  յարձակման ենթարկուած էին հայկական եւ ասորական կազմակերպութիւնները:

Իսկ տեղի թաղապետը ազգութեամբ թուրք Էմիր Քիրն է, որ քանի մը անգամ  քիւրտերուն արգիլած էր թաղամասին մէջ ցոյցեր կազմակերպել:

«Սահակեան միութեան» վրա յարձակումը իրականացուած է Սուրբ Ծննդեան նախօրէին, ինչ որ պատահական չէ:

Դէպքի վերաբերեալ հետաքննութիւն սկսած է: