image

Սուրիացիներուն Լիբանան մուտքը սահմանող նոր օրէնքներ

Սուրիացիներուն Լիբանան մուտքը սահմանող նոր օրէնքներ

Լիբանանի Ազգային անվտանգութիւնը Սուրիա-Լիբանան սահմանը հատելով Լիբանան մուտք գործող սուրիացիներուն համար նոր օրէնքներ սահմանած է: Այս մասին կը հղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Կայքին փոխանցմամբ, Ազգային անվտանգութեան վարչութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ այսուհետեւ Լիբանան այցելող սուրիացիք պիտի դասակարգուին վեց խումբերու մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրէն պիտի պահանջուի իրեն համապատասխանող փաստաթուղթեր:

Առաջին խումբը կ'ընդգրկէ զբօսաշրջիկները, աշխատանքային այցով ժամանածներն ու անշարժ գոյքերու սեփականատէրերը:

Երկրորդ խումբը ուսանողներն են, երրորդը՝ օդակայաններու եւ նաւահանգիսնտերու ճամբով ժամանողները, որոնք այլ երկիր մեկնելու մտադրութեամբ առաւելագոյնը 48 ժամով մուտք կը գործեն Լիբանան: Չորրորդ խումբը բժշկական տեղեկանքի հիման վրայ Լիբանանի մէջ բուժում ստանալ ցանկացող սուրիացիք են, որոնք թոյլ պիտի տրուի առաւելագոյնը 72 ժամով մնալ այնտեղ, որ եւ անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է երկարաձգել: Հինգերորդ խումբը օտարերկրեայ դեսպանութիւններ այցելողներն են, որոնց չորս օրուան պայմանաժամ պիտի տրուի երկիրը լքելու, իսկ վերջին խումբն անոնք են, որոնք պատասխանատուութեան պարտաւորագիրի հիման վրայ կը ժամանեն Լիբանան: վերջիններուս իրաւունք պիտի տրուի չորս օրով այցելել երկիր, որմէ ետք երկու անգամ վեցամսեայ ժամկէտով կարելի է երկարաձգել այն:

Աղբիւրին համաձայն, ներկայիս պայմանները ամենախիստը կը համարուին անցեալին սահմանուած օրէնքներու համեմատութեամբ: