Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ին, Սուրբ Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագ մատուցուած է Դամասկոսի Առաջնորդանիստ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Օրուայ պատարագիչն էր Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանը: Սրբազան Հայրը Պատարագի ընթացքին յաւուր պատշաճի ընթերցած է Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սբ. Ծննդեան պատգամը:
Սբ. Պատարագին պատուաւոր ներկայութեամբ աղօթակից եղած են նաեւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետոթեան Ժողովրդային Խորհուրդի (Խորհրդարան) հայ անդամ Տոքթ. Նորա Արիսեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան Առաջին Խորհրդական Ռուբէն Սողոյեանը եւ բազմաթիւ Դամասկահայեր:
Յետ Սուրբ Պատարագի կատարուած է նաեւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալներ օրհնուած ջուրէն իրենց տուները տարած են: Ջրօրհնէքի Արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ քոյր եկեղեցիներու Առաջնորդ եպիսկոպոսներ եւ հոգեւորականներ: Եփրեմ Բ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը եւս ներկայ եղած է եւ անձամբ մասնակցած է Ջրօրհնէքի արարողութեան եւ Սրբազան Հօր հետ օրհնած է ջուրը:
Սուրբ Ծննդեան Պատարագէն յետոյ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունած է ներկայ հոգեւորականաց եւ հաւատացեալներուն շնորհաւորանքները:
Սուրիոյ Նախագահ Տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատի անունով Ազգ. Առաջնորդարան այցելած է Պետնախարար Ֆատլալլահ Մանսուր Ազզամը եւ Սրբազան Հօր ու ներկաներուն փոխանցած է Նախագահի շնորհաւորանքները:
Ազգ. Առաջնորդարան այցելած է նաեւ Սուրիոյ Ժողովրդային Խորհուրդի (Խորհրդարան) նախագահ՝ տիար Համմուտէ Սապպաղը, զոր անձամբ շնորհաւորեց Դամասկահայութիւնը: