Փարիզի Ալֆորվիլ շրջանին մէջ ծագած հրդեհին հետեւանքով զոհուած է հայուհի մը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ը նշելով, որ հրդեհը եղած է Ալֆորվիլի Սալվատոր- Ալիէնտէ հրապարակին մերձ գտնուող բնակելի շէնքի մը 8-րդ յարկին վրայ եւ հրշէջներու գործադրած ճիգերէն ետք կարելի եղած է հրդեհը մարել: Աւելի ուշ պարզուած է, որ հրդեհին հետեւանքով գտնուած հրկիզուած դիակը կը պատկանի այդ շրջանի բնակիչ ՝Սօսի Յակոբեանին:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հայուհին անդամ էր «Հայ Մշակոյթի Տուն» միութեան, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի էր:
Այս առթիւ «Հայ Մշակոյթի Տուն»ը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը սգալով անոր անդամներէն Սօսի Յակոբեանի ողբերգական մահը:
Նշենք, որ դէպքը տեղի ունեցած է 3 յունուարի գիշերը