image
Հրատապ լուրեր:

Շահան Սրբազան սուրիահայ ուսանողներուն երախտագիտական խօսքը փոխանցած է ամերիկահայ աշակերտութեան

Շահան Սրբազան սուրիահայ ուսանողներուն երախտագիտական խօսքը փոխանցած է ամերիկահայ աշակերտութեան

Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ եւ ընկերակցութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան անցնող օրերուն այցելեց Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս եւ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանները։ Առաջնորդ Սրբազաններուն կ’ընկերանային Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ մարմինի ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեան։ Անոնք դիմաւորուեցան զոյգ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։

Այցելութեան նպատակն էր, սուրիահայ ուսանողներուն երախտագիտական խօսքը ու ողջոյնները փոխանցել ԱՄՆ ափերուն ապրող հայ դպրոցականներուն, որոնք անցեալ տարիներուն, մէկէ աւելի առիթներով իրենց լումաներով մասնակցութիւն բերին Սուրիոյ հայութեան համար հաւաքագրուած օժանդակութիւններուն։ Սուրիահայ աշակերտութեան զգացումներուն թարգմանը հանդիսացաւ Շահան Սրբազանը, որ աշակերտութեան ուղղուած իր խօսքին ընդմէջէն՝ հրաւիրեց բոլոր հայ աշակերտները, որպէսզի իրենց աղօթքին ու մտածումին մէջ միշտ տեղ տան ազգիս այն հայորդիներուն, որոնց համար դժուարին պայմաններու մէջ ապրիլը եւ ուսանիլը լուրջ մարտահրաւէրներ են։