image
Հրատապ լուրեր:

«Արաս»էն նոր հրատարակութիւն. Լոյս տեսած է Զապէլ Եսայեանի «Սպասման սրահին մէջ» վէպը

«Արաս»էն նոր  հրատարակութիւն. Լոյս տեսած է Զապէլ Եսայեանի «Սպասման սրահին   մէջ» վէպը

Թուրքիոյ մէջ  հրատարակուած է պոլսահայ գրող Զապէլ Եսայեանի յայտնի վէպերէն «Սպասման սրահին մէջ»-ը, որ լոյս ընծայուած է Պոլսոյ մէջ գործող «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ:

Գիրքը, որու խմբագրութիւնը   կատարած  է  պոլսահայ  մտաւորական Սեւան Տեյիրմէնճեան, իսկ  յառաջաբանը  գրած    ֆրանսահայ գրող Գրիգոր Պըլտեան, Զապէլ Եսայեանի առաջին վէպն է, որ թերթօնի ձեւով տպագրուած է «Ծաղիկ»ի մէջ, Սեպտեմբեր 1903էն սկսեալ:

Արեւմտահայ արձակի կարեւոր դէմքերէն մէկն է Զապէլ Եսայեան, որ իր հանրային գործունէութեամբ ալ ուրոյն տեղ մը կը գրաւէ Ի. դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ:

Գիրքը կը ներկայացնէ Փարիզեան կեանքէն առնուած դրուագ մը, ուր երիտասարդ, սակայն աղքատ մայր մը՝ Էվա, իր վտիտ ստինքներէն բնութեան զլացած կաթը կը փորձէ ապահովել մայրանոցի միջանցքներուն մէջ՝ վկան դառնալով հիւանդանոցի պաշտօնեաներուն անխիղճ վերաբերմունքին: Մէկ կողմէ ալ իր հիւանդ ամուսինը կը խնամէ Էվա, որ զգայուն կնոջ յատուկ վերապահութեամբ կ՛ընդունի հոգիին խորը, քիչ մըն ալ անգիտակցաբար ծագող սէրը հանդէպ զինք խնամող բժիշկին:

: