image

Թուրք երգչուհիին 4 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ

Թուրք երգչուհիին 4 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ

Յայտնի թուրք դերասանուհի եւ երգչուհի Զուհալ Օլճային մինչեւ 4 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ՝ երկրի նախագահ Էրդողանին վիրաւորելու մեղադրանքով: Այս մասին կը գրէ թրքական «Սեոզճու» պարբերականը:

Պոլսոյ «Անատոլու» դատախազութիւնը գործ յարուցած է երգչուհիին դէմ՝ հիմնուելով Պոլսոյ Քատըքիոյ շրջանի ակումբներէն մէկուն մէջ անոր ունեցած ելոյթի տեսաձայնագրութեան վրայ, որու ընթացքին, ինչպէս կը պնդէ մեղադրող կողմը, Օլճայը վիրաւորած է նախագահը:

Յայտնի է, որ երգչուհին չէ ընդունած իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին 6 տարիներուն  2.673 դատական գործ բացուած է նախագահ Էրտողանը վիրաւորելու մեղադրանքով: Amnesty International միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Թուրքիոյ գրասենեակի անդամներու կողմէ պատրաստուած զեկոյցի համաձայն՝ ամբաստանեալի աթոռին հայտնուած 2.673 քաղաքացիներէն արդարացուած են միայն 280-ը: