image

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը ՍԱՐՖ-ի հրաւէրով Լոս Անճելըս մեկնած է

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը ՍԱՐՖ-ի հրաւէրով Լոս Անճելըս մեկնած է

Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի՝ «ՍԱՐՖ»ի հրաւէրին ընդառաջելով, 11 դեկտեմբերին, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ Լոս Անճելըս ժամանած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան:

Բերիոյ թեմի առաջնորդը հրաւիրած է, ներկայ ըլլալու համար շարք մը ձեռնարկներու եւ գաղութի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ ունենալու համար։

Յիշեցնենք, որ երկու առաջնորդ սրբազանները կու գային Պէյրութէն, ուր անցեալ շաբաթ մասնակցած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին:

Տագնապին պայթումէն ասդին, Շահան սրբազան երրորդ անգամն է որ կ’այցելէ Լոս Անճելըս։ Ան 12 դեկտեմբերին ներկայ եղած է Ազգային Վարչութեան նիստին, 13 Դեկտեմբերի երեկոյեան մասնակցած է ՍԱՐՖ-ի կողմէ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին ի նպաստ պաշտօնական ընթրիքին, «Չեւի Շէյս Քաունթրի Քլապ»ին մէջ, իսկ ուրբաթ,15 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Իրանահայ Միութեան սրահին մէջ ներկայ պիտի ըլլայ ժողովրդային հաւաքի մը, ուր խօսք առնելով՝ լայն տեղեկութիւններ պիտի տայ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի եւ վերակառուցման երթին մասին։

Պաշտօնական այս հանդիպումներուն զուգահեռ, Բերիոյ առաջնորդ սրբազանը պիտի այցելէ Ազգային վարժարաններ ու հանդիպումներ պիտի ունենայ պատասխանատու մարմիններու հետ։

Այցելութեան աւարտին, կիրակի, 17 դեկտեմբերին, Տ. Շահան սրբազան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։