image

Ռիզէի մէջ մեծ թունաւորումներ. Դէպքը պատահած է Էրտողանի անուան համալսարանին մէջ

Ռիզէի մէջ մեծ թունաւորումներ. Դէպքը պատահած է  Էրտողանի անուան համալսարանին մէջ

Թուրքիոյ Ռիզէ քաղաքը գտնուող Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի անուան համալսարանի հանրակացարանէն ներս զանգուածային թունաւորման դէպք արձանագրուած է:

Ըստ թրքական «Cumhuriyet» թերթի կայքին, 12 դեկտեմբերին ճաշէն ետք ուսանողներուն մօտ առողջական գանգատներ նկատուած են, մասնաւորապէս փորացաւ եւ գլխապտոյտ:

Թունաւորման կասկածանքով 473 ուսանող տեղափոխուած են հիւանդանոցներ:  

Համալսարանի ղեկավարութիւնը յայտնած է, որ ըստ նախնական ախտորոշման՝ ուսանողներուն մօտ նկատուած է սննդային թունաւորում, սակայն ուսանողներու կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Աղբիւրը կը նշէ, որ տեղի ունեցածի կապակցութեամբ սկսած է հետաքննութիւն: