image

Կարօ Փայլան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը տեղափոխած է խորհրդարան

Կարօ Փայլան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը տեղափոխած է խորհրդարան

Թուրքիոյ հայ համայնքը տեւական ժամանակ է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման հարցով պատասխան կը սպասէ ներքին գործերու նախարարութենէն: Վերջինս դեռ չէ պատասխանած Պոլսոյ նահանգապետարանի միջոցաւ պատրիարքարանի կողմէ ներկայացուած դիմումին: Թուրքիոյ խորհրդարանի  հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հարցը տեղափոխած է մեճլիս՝ գրաւոր հարցում ուղղելով ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին: Ինչպէս կը հաղորդում է «Արմէնբրէս»-ը, այս մասին յայտնած է «Ակօս» պարբերականը:

 

Գրաւոր հարցման մէջ Փայլան յիշեցուցած է, որ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան առողջական խնդիրներու հետեւանքով չի կրնար կատարել իր պարտականութիւնները: Ան նշած է, որ պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած էր Նախաձեռնող խումբ, որ յատուկ դիմում ուղարկած էր Պոլսոյ նահանգապետարան՝ ընտրութիւնները կազմակերպելու խնդրանքով, սակայն այդ դիմումին մինչ օրս պատասխան չէ եկած, մինչդեռ ընտրութիւնները կը նախատեսուէր կազմակերպել 10-13 դեկտեմբերին ինկած ժամանակահատուածին:

Փայլան ընդգծած է, որ համաձայն լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած տեղեկատուութեան՝ Պոլսոյ նահանգապետ Վասիփ Շահին ըսած է, թէ «պետութիւնը Գարեգին Պեքճեանին չի ճանչնար որպէս պատրիարքական տեղապահ եւ կ'ուզէ, որ ընտրութիւնը ըլլայ պատրիարքարանի միւս երկու եպիսկոպոսներուն միջեւ»:

 

«Պետութեան կողմէ պատրիարքի ընտրութիւններուն նման կերպ միջամտելը եւ գործընթացի այսքան ձգձգուիլը համայնքի մէջ անհանգստութեան պատճառ դարձած է»,- փաստած է հայ պատգամաւորը: