image
Հրատապ լուրեր:

Ո՞վ է Տիանա իշխանուհիին արձանի քանդակագործը

Ո՞վ է Տիանա իշխանուհիին արձանի քանդակագործը

Բրիտանիոյ իշխաններ Ուիլիըմի եւ Հարիի գրասենեակը յայտարարած է, որ Բրիտանիոյ մետաղադրամներուն վրայ Էլիզապէթ թագուհիի դիմագիծին քանդակագործը ընտրուած է, որպէսզի քանդակէ իշխանուհի Տիանայի մահուան 20-րդ տարելիցին նուիրուած քանդակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատուական կայքը:

Իյան Ռանք Փրուտլիի մասին բրիտանացի իշխաններ Ուիլիըմ եւ Հարի ըսած են, որ ան տաղանդաւոր քանդակագործ է, եւ իրենք վստահ են, որ իրենց մօր յիշատակը յաւերժացնող արձանը շատ հրաշալի կերպով պիտի քանդակէ: