image

Ատրպէյճանի բողոքները տեղ չեն հասած. հայկական քոչարին գրանցուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ

Ատրպէյճանի բողոքները տեղ չեն հասած. հայկական քոչարին գրանցուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ

Հայկական քոչարին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ կազմակերպութեան Twitter-ի պաշտօնական էջը:

Ատրպէյճանական կողմը, ինչպէս միշտ, ուզած է խոչընդոտել այդ գործընթացը, սակայն, յայտը ընդգրկուած է այդ ցուցակին մէջ:

Քոչարի պարը հայկական ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան բնութագրական դրսեւորումներէն է եւ տարածուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին ու հայկական սփիւռքի մէջ:

Ան աւանդական մշակոյթի այն հազուադէպ դրսեւորումներէն է, որուն սերունդէ-սերունդ փոխանցման շղթան չէ ընդհատուած, կենսունակ է եւ կը մէկտեղէ ազգային ինքնութեան, միասնականութեան ու համերաշխութեան բոլոր դրսեւորումները` որպէս կատարեալ ժողովրդական ստեղծագործութիւն:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովի ամենամեայ նստաշրջանը տեղի կ՛ունենայ Դեկտեմբեր 4-9 Հարաւային Քորէայի Չեջուտօ կղզիին վրայ:

Ատրպէյճանէն ներկայացուած տոլմա ճաշատեսակի պատրաստման բաղադրատոմսը նոյնպէս ընդգրկուած է ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: