image

Կաղանդ Պապային նամակ ուղղած փոքրիկը համացանցի հերոս կը դառնայ

Կաղանդ Պապային նամակ ուղղած փոքրիկը համացանցի հերոս կը դառնայ

«Նամակս կը գրեմ որպէս դպրոցական պարտականութիւն: Գիտեմ, որ չար մանուկներու ցուցակդ լեցուն է, իսկ հնազանդ մանուկներունը՝ դատարկ: Կեանքդ նոյնպէս դատարկ է: Դուն չես գիտեր, թէ ինչպիսի խնդիրներէ անցած եմ կեանքիս ընթացքին: Ցտեսութիւն»:

Այս բառերով դիմած է ամերիկացի վեցամեայ մանուկը Կաղանդ Պապային, եւ զայն աւարտած է. «քեզ կը սիրեմ» բառերով, այնուհետեւ յանձնած է ուսուցիչին, դառնալով «Թուիթըր»ի ամենահետաքրքրական պատմութիւններէն մէկը:

Մանուկը նամակի աւարտին Կաղանդ Պապային ըսած է, որ չ'ուզեր իր անունը յայտնել անոր:

Նամակը «Թուիթըր»ի իր էջին հրապարակած է մանուկին մայրը, նշելով, որ ինք հպարտ է իր զաւակով: