image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուի «Գիրք հայրենիքը. Ոսկան Երեւանցի» ֆիլմը

Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուի «Գիրք հայրենիքը. Ոսկան Երեւանցի» ֆիլմը

Այսօր՝ 5 դեկտեմբերին, Ժամը 19:00-ին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երեւանեան գրասենեակէն ներս (Մելիք Ադամեան 2/2) տեղի պիտի ունենայ «Գիրք հայրենիքը. Ոսկան Երեւանցի» ֆիլմի անգլերէն տարբերակի հայաստանեան առաջին ցուցադրութիւնը: 

Ոսկան Երեւանցին 1640-1666 թուականներուն առաջին հայ տպագրիչներէն է, որ 1668-ին Ամսթըրտամի մէջ տպագրած է հայերէն Աստուածաշունչի մէջ մատեանը, որ կը համարուի հայ հին տպագրութեան լաւագոյն նմուշներէն մէկը։ Ֆիլմի անգլերէն կրկնօրինակումը ֆինանսաւորուած է ՀԲԸՄ Լոնտոնի կողմէ:


Կազմակերպիչները կը տեղեկացնեն, որ ֆիլմի ցուցադրութեան պատիւը ունին հիւրընկալել Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ Հոլանտայի թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եոս Տաումընին: Միջոցառման ներկայ պիտի ըլլայ ֆիլմի բեմադրիչ՝ Յակոբ Փափազեանը, արտադրող՝ Նուէր Մնացականեանը, սենարի հեղինակ՝ Վահրամ Մարտիրոսեանը եւ ՀԲԸՄ Լոնտոնի մասնաճիւղի ատենապետ եւ Լոնտոնի Կոմիտաս ինստիտուտի հիմնադիր նախագահ Արա Սարաֆեանը:

Ֆիլմի տեւողութիւնը՝ 40 վայրկեան: