Երեւանի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանցուն կնքած է Թիվիքա Տաղտեվիրէնեան-Եագուպեանը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն: Հանգուցեալը ծնած էր Հալէպ 1939-ին (բնիկ Այնթէպցի ծնողներէ):
Ան իր կրթական ուսումը ստացած էր Հալէպի Ֆրէրներու Վարդանանց վարժարանին մէջ: 1961-ին կ'ամուսնանայ Յովհաննէս Տաղտեվիրէնեանին հետ եւ կը կազմեն ընտանեկան բոյն մը ունենալով երկու որդիներ ՝ Սագօ եւ Ռաֆֆի: Հանգուցեալը հաւատացեալ անդամը եղած է Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ մասնակցած է եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի ու նաեւ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչին (Ս.Օ.Խ.) աշխատանքներուն:
Սուրիան հարուածած ծանր պատերազմին հետեւանքով ան 2015-ին կը փոխադրուի եւ կը հաստատուի իր հարազատներուն մօտ ՝ Երեւան:
Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի 29 նոյեմբեր 2017-ին յետմիջօրէի ժամը ճիշդ 1:00 Երեւանի Պռոշեան- Կոնդ շրջանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ:
«Արեւելք» այս առթիւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս անոր որդիներուն ՝ Սագօ եւ Ռաֆֆի Տաղտեվիրեաններուն եւ ամուսնոյն՝ տիար Յովհաննէս Տաղտեվիրէնեանին: