image

Մահացած է Կրընոպլի ազգային դէմքերէն ՝ Յովհաննէս Սապունճեանը

Մահացած է  Կրընոպլի  ազգային դէմքերէն ՝ Յովհաննէս  Սապունճեանը

 Ֆրանսայի  մէջ  իր մահկանացուն կնքած է   Յովհաննէս   Սապունճեանը: Այս   մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալին  հարազատներէն:

 Յովհաննէս Սապունճեան  ծնած էր Հալէպ 1947-ին։ Յաճախած է Հալէպի Ազգ. Զաւարեան, Սահակեան վարժարանները ապա Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը ուրկէ տակաւին թերաւարտ գաղթած է կեդրոնական Ֆրանսա, Ալպեաններու մայրաքաղաք՝ Կրընոպլ քաղաքը։

 Ան կանուխէն անդամակցած էր Հալէպի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումին եւ ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, ապա Ֆրանսայի մէջ ՀՅԴաշնակցութեան։ Կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Կրընոպլի հայ համայնքի աշխուժացման մէջ։

 5 տարի առաջ կորսնցուցած էր իր կողակիցը՝ Նիքոլ Սապունճեան, Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի գործօն և ղեկավար անդամ մը,  որուն հետ երկար տարիներ համայնքի կեանքի աննկուն սիւներէն եղած է։

Իր վաղահաս  մահը կը սգան իր երեք զաւակները իրենց ընտանիքներով՝ Յակոբ (Կրընոպլ), Նշիկ (Փարիզ) եւ Վիգէն (Նիմ) Սապունճեաններ, քոյրերուն եւ եղբայրներուն ընտանիքները, Սապունճեան, Մերճանեան, Չոպոյեան , Մուրատեան, եւ Արապեան (Կրընոպլ, Փարիզ, Լիոն, Շամպէրի, Սան Ֆրանսիսքօ), եւ համայն Սապունճեան գերդաստանը։

 

Այս  տխուր  առիթով  «Արեւելք»  իր  խորազգաց  ցաւակցութիւնները  կը յայտնէ  հանգուցեալի   հարազատներուն եւ  բարեկամներուն եւ յատկապէս  անոր քրոջ,  Ֆրանսահայ  ազգային   գործիչ  Տիկին Հիլտա  Չոպոյեանին: