Պէյրութի մէջ մահացած է երիտասարդ Աբիկ Մաճարեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալին ընկերներէն: Մինչեւ պահս յայտնի չէ այն պայմանները, որոնց հիմքով Աբիկ դիմած է իր կեանքին վերջ տալու քայլին: Կան որոշ տեղեկութիւններ որ դէպքին հիմնական դրդապատճառը տնտեսական ծանր դրութիւնն էր, որուն մատնուելով ալ հայ երիտասարդը դիմած էր այդ քայլին: Կը փոխանցուի նաեւ, որ Աբիկ իր ընտանիքը պահող միակ անձն էր եւ անոր ծնողները պէտք ունէին իր վաստակին:
Նշենք, որ Աբիկ Մաճարեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը պիտի կատարուին յառաջիկայ վաղը ՝ հինգշաբթի 16 նոյեմբերին Նորաշէն շրջանի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուն: