image

Կոմիտասի եւ Թումանեանի յոբելեանները՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի օրացոյցին վրայ

Կոմիտասի եւ Թումանեանի յոբելեանները՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի օրացոյցին վրայ

Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեայ յոբելեանները ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թուականներու օրացոյցին վրայ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ որոշումը ընդունուած է Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնատեղիին մէջ ընթացող կազմակերպութեան Գլխաւոր համաժողովի 39րդ նստաշրջանին ընթացքին:

Հայաստանի կողմէ եւ Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած «Երգահան, ժողովրդական երաժշտագէտ, բանահաւաք, երգիչ Սողոմոն Սողոմոնեանի՝ Կոմիտաս վարդապետի (1869-1935) ծննդեան 150ամեակը», եւ Վրաստանի ու Ռուսիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած «Բանաստեղծ, գրող, թարգմանիչ Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923) ծննդեան 150ամեակը» խորագիրով յայտերը ստացած են Կազմակերպութեան հաւանութիւնը:

1998էն ի վեր, Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԵՈՒՆԵՍՔՕի օրացոյցին վրայ ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած 23 յոբելենական տարեթիւ:

Նախորդ երկամեակին համար հաստատուած էին Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Ոսկան Երեւանցու տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666) 350ամեակը» եւ «Յովհաննէս Այվազովսքիի (1817-1900) ծննդեան 200ամեակը» յայտերը: