image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Կիլիկեան ճեմարանի վերանորոգման աշխատանքները կը մօտենան աւարտին (Լուսանկարներ)

Հալէպ. Կիլիկեան ճեմարանի վերանորոգման աշխատանքները կը մօտենան աւարտին (Լուսանկարներ)

Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանի վերանորոգման աշխատանքները մօտեցած են աւարտին: Այս մասին կը տեղեկանանք ճեմարանի ֆէյսպուքեան էջէն:

Ինչպէս  «Արեւելք»  նախապէս հաղորդած էր, «Կիլիկեան»  վարժարանի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առած էին օգոստոս 2017-ին: Աշխատանքները պիտի կեդրոնանային յատկապէս վարժարանի երկրորդական բաժնի  մասնաշէնքին  վրայ:

Նշենք, որ «Կիլիկեան»  վարժարանը հիմնուած  է 1921 թուականին, եւ այն կը համարուի յետ եղեռնեան շրջանին Հալէպի մէջ հիմնադրուած առաջին վարժարանը:

Դպրոցը կը բաղկանայ  երեք շէնքերէ ՝  մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկրորդական:  Դպրոցը,  ըլլալլով   բախումներու  գիծին մօտիկ  շրջանի մը  մէջ կը համարուի պատերազմին հետեւանքով ամէնէն շատ վնասուած վարժարանը:

Ծանր  վնասներ կրած են  Մանկապարտէզի եւ  Երկրորդականի մասնաշէնքերը, մինչ   նախակրթարանի շէնքը  ամբողջութեամբ աւերակուած է:

Յիշեցնենք, որ Հալէպը հարուածող պատերազմի  ամբողջ  տեւողութեան «Կիլիկեան»ը չփակեց իր դռները: Դպրոցի պատասխանատուները ապահովական  ծանր պայմաններուն հետեւանքով յարմար  համարեցին դասաւանդութիւնները շարունակել «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան յարկին տակ, որուն  գտնուած  շրջանը համեմատած «Կիլիկեան» վարժարանի  շրջանին  կը համարուրէր աւելի ապահով շրջան մը: