image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Նորոգութեան աշխատանքներ հայահոծ «Վիլլաներ» թաղամասին մէջ

Հալէպ. Նորոգութեան աշխատանքներ հայահոծ «Վիլլաներ» թաղամասին մէջ

Հալէպի Սուլայմանիյէ  շրջանի ծառայութեան եւ սպասարկման տնօրինութեան վերանորոգումներու բաժինը, հայահոծ շրջաններուն մէջ ասֆալթապատման աշխատանքներ իրականացուցած է: Այս մասին կը տեղեկանանք Հալէպի քաղաքային խորհուրդի ֆէյսպուքեան էջերէ:

 

Աղբիւրի համաձայն, ասֆալթապատուած են «Վաիլլաներ» թաղամասէն մինչեւ «Սուլայմանիյէ» հասնող՝ եկեղեցւոյ փողոցը: Ինչպէս նաեւ «Ալ-Միտան» թաղամասի Շապարէք մզկիթի կից հատուածը: