image

Ոչ եւս է գեղանկարիչ Սարօ Կալենց

Ոչ եւս է գեղանկարիչ Սարօ Կալենց

Այսօր կեանքէն հեռացած է գեղանկարիչ, փրոֆէսոր Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ,  Սարօ Հարութիւնի Կալենցը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նկարիչներու միութենէն:

Սարօ Կալենցը ծնած է 1946 թուականին:  ՀԽՍՀ վաստակաւոր նկարիչ Յարութիւն Կալենցի եւ ՀԽՍՀ վաստակաւոր նկարիչ Արմինէ Կալենցի որդին է։ Աւարտելով Երեւանի Ղազարոս Աղայեանի միջնակարգ դպրոցի 8-րդ դասարանը, 1960-1965 թուականներուն սոորված  է Փ. Թերլեմեզեանի անուան նկարչական ուսումնարանէն ներս։ 1965-1970 թուականներուն սորված է նկարչութիւն եւ թեքսթիլ տիզայն Երեւանի պետական գեղարուեստա-թատերական հիմնարկէն ներս, 1967-1968 թուականներուն մէկ տարի սորված է Տալլինի (Էսթոնիա) գեղարուեստի հիմնարկին մէջ։

1971 թուականէն Սարօ Կալենցը շուրջ 20 տարի ապրած եւ աշխատած է Մոսկուայի մէջ։ 1971 թուականին դարձած է ԽՍՀՄ եւ Հայաստանի նկարիչներու միութիւններու անդամ։ Մոսկուայի մէջ ան աշխոյժօրէն ներգրաւուած էր խորհրդային մայրաքաղաքի գեղարուեստական միջավայրի մէջ, ուր բացի գեղանկարչութենէն, հնարաւորութիւն ունեցած է իրականացնել իր հետաքրքրութիւնները նաեւ մոնումենթալ (արձանային) արուեստի եւ ձեւաւորման մէջ։

1973-1987 թուականներուն Սարօ Կալենցի ստեղծագործութիւնները մասնակցած են «Հայկական արուեստ» միջազգային խմբային ցուցահանդէսներու շարքին՝ Ռուսաստանի, Ֆինլանտայի, Պուլկարիոյ, Հնդկաստանի, Շրի Լանքայի, Սուրիոյ եւ Գանատայի մէջ։

1977 թուականին Համամիութենական սիմպոզիում-ցուցահանդէսին Վիլնիուսո մէջ (Լիթվա) Սարօ Կալենց արժանացած է Ոսկէ մետալի՝ «Առաւօտ Վիլնիուսի մէջ» քոմփոզիցիայի համար։ Նոյն թուականին ան իրականցուցած է երկու հարթաքանդակ Գալվանական գործարանի նախամուտքի համար Տամպով քաղաքին մէջ (Ռուսաստան), եւ Մոսկուայի մէջ՝ ԺՏՆՑ (ВДНХ) «Խորհրդային Հայաստան՝ 60 տարի» Հայաստանի ցուցահանդէսային տաղաւարի ձեւաւորում։


1983 թուականին Հայաստանի թատերական ընկերութեան համար (այսօր Ֆրանսայի դեսպանատան շէնք) իրագործած է երկու պրոնզեայ դուռեր՝ 32 քոմփոզիցիաներով դուռերու երկու կողմերուն, եւ 1992-1993 թուականներուն՝ «Մուսաներ»՝ 12 քոմփեզիցիոն աշխատանքներ ընկերութեան բարի առաստաղի համար։

 
1986 թուականին իրականացուցած է մէկ այլ մոնումենթալ աշխատանք Մոսկուայի մէջ՝ ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի նախասրահի համար՝ 15 քիլոմեթր «Ծաղիկներ» վիթրաժ պատուհան։ 1989 թուականին՝ «ԽՍՀՄ-ի մէջ արտադրուած երաժշտական գործիքները» ցուցահանդէսի ձեւաւորում՝ ներկայացնելով 10 ծաւալային պաննոներ։

1980-ական թուականներու վերջին Սարօ Կալենց վերադարձած է Երեւան։ Ան հրաւիրուած է դասաւանդելու Երեւանի պետական գեղարուեստի ակադեմիայէն ներս։ 1992 թուականէն մասնակցած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան ամենամեայ ցուցահանդէսներուն։

1990-ականներպւ ընթացքին Սարօ Կալենցը իրականացուցած է շարք մը ուղեւորութիւններ դէպի Եւրոպա եւ Ասիա, բացած է անհատական ցուցահանդէսներ Փարիզի (1998) եւ Նիկոսիայի մէջ (1996)։
2009 թուականին Սարօ Կալենցը հիմնադրած է «Կալենց» մշակութային հիմնադրամը։ 2010 թուականի ապրիլին՝ Յարութիւն Կալենցի 100- ամեակին եւ Արմինէ Կալենցի 90-ամեակին, Կալենց մշակութային հիմնադրամի եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ բացուած է Կալենց թանգարանը։