image

Դուք երբեւէ տեսա՞ծ էք «Կը վաճառուի մզկիթ» տիպի յայտարարութիւն. Փայլան անդրադարձած է հայկական եկեղեցիներու շէնքերը վաճառողներուն դէմ

Դուք երբեւէ տեսա՞ծ էք «Կը վաճառուի մզկիթ» տիպի յայտարարութիւն. Փայլան   անդրադարձած է հայկական եկեղեցիներու շէնքերը վաճառողներուն դէմ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր HDP-ի  անդամեւ խորհրդարանի  պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանէն ներս բարձրաձայնած է պետութեան կողմէ Պոլսոյ հայկական համայնքէն հայկական հիմնադրամներու նախագահներու ընտրութեան իրաւունքը խլելու հարցը:

 

Ինչպէս կը գրէ «Ակօս»ը, Փայլանի դժգոհութեանն առաջին անգամ արձագանգած է Թուրքիոյ ֆինանսներու նախարար Նաճի Աղպալը:

 

«5 տարի առաջ մեր հիմնադրամներուն զրկեցիք անհատական ընտրութեան հնարաւորութենէն, 9 տարի ալ պատրիարք չենք կրնար ընտրել»,-ըսած է Փայլան, ինչին ի պատասխան ֆինանսներու նախարարը միջամտած է. «Ո՞վ թոյլ չի տար, ո՞ր նախարարութիւնն է, ինծի ըսէք՝ ես խօսիմ»:

 

Փայլան նաեւ յիշեցուցած է Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին մնացած եւ պոլսահայ համայնքի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներու մասին եւ մեղադրած պետութեան՝ անոնց տէր չկանգնելու համար:

 

«Անատոլիոյ մէջ շուրջ 6.000 եկեղեցի կար, հիմա մնացած է 80-90-ը (նկատի ունի չաւերուած ըլլալը): Այդ 6.000-ի մեծ մասը աւերուած վիճակի մէջ է, հիմքերը կամ կան, կամ ալ ոչնչացման եզրին են: Այս 6.000 եկեղեցիներէն մօտ 4.000-ն անհատ անձերու ձեռքն է հիմա: Այսինքն՝ դաշտի մէջտեղ մէկ հայկական կամ յունական եկեղեցի մնացած է, պետութիւնը կու գայ, կ'ըսէ՝ «Այս հողատարածքը քեզի է», - նշած է Փայլան, յիշեցնելով, որ եկեղեցիները յաճախ վաճառքի կը հանուին այդ անհատ անձերուն կողմէն:

 

«Տեսէք, «Կը վաճառուի եկեղեցի» բովանդակութեամբ յայտարարութիւններ կը տեղադրուին համացանցի մէջ: Դուք երբեւէ տեսա՞ծ  էք «Կը վաճառուի մզկիթ» տիպի յայտարարութիւն», - պնդած է հայազգի պատգամաւորը: