image
Հրատապ լուրեր:

Սուրբ Գէորգի տօնակատարութիւնը Հաճըն Թաղամասի վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ. Բարերարներն են Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեանները (Լուսանկարներ)

Սուրբ Գէորգի տօնակատարութիւնը Հաճըն Թաղամասի վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ. Բարերարներն են Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեանները (Լուսանկարներ)

Ս. Գէորգ Զօրավարի տօնին եւ Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2017-ին, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:

Առաւօտեան, Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը եւ սկաուտական խորհուրդը Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի քայլերգներով դիմաւորեց գաղութիս բարեջան առաջնորդ Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ պիտի պատարագէր եւ այս առիթով իր պատգամը փոխանցէր հաւատացեալ ժողովուրդին:

 


Արարողութեան ներկայ էին պետական երեսփոխան ընկեր Սեպուհ Գալփաքեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՀ հիւպատոս տիար Աշոտ Վարդանեան, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեան եւ անդամներ, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի ատենապետ եւ Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ Արամ Մալեան, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի ատենապետ Ռաֆֆի Մալեան, ինչպէս նաեւ տարբեր միութիւններու պատասխանատուներ եւ հաւատացեալ բազմութիւն մը:

 


Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ փոխանցեց, թէ «Այսօր Ս. Գէորգի եւ Վարագայ Ս. Խաչի տօներուն առիթով հաւաքուած ենք այս եկեղեցւոյ մէջ կատարելու մեր ուխտը, որպէսզի մեր կամքը ամրանայ ու հեռու մնանք վտանգներէ ու թշնամիներէ, որովհետեւ պատմութիւնը մեզի հաւատք փոխանցած է, եւ այդ կամքի ուժը մենք ստացած ենք հայոց պատմութեան եւ եկեղեցւոյ շուքին տակ: Այսօր պէտք է զօրացնել ժողովուրդը իր գիտակցութեան ու կամքին մէջ, որպէսզի մեր սուրբերով դարերէն ի վեր հոսող սրբութեան ճամբով կապուած մնանք մեր կրօնքինª հասնելու համար երկնային պարգեւներուն՚:

Պատարագի բոլոր տեւողութեան ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերաւ եկեղեցւոյ «Գայեանէ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ղազարոս Ալթունեանի:

Այստեղ կ’ուզենք նշել, թէ Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին շրջանէ մը ի վեր կը բարեզարդուէր, ինչպէս նաեւ շինարարական աշխատանքներ կը կատարուէին շնորհիւ հաճընցի Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեան բարերար եղբայրներուն:

 


Պատարագէն ետք բոլոր հիւրերը, Ս. Գէորգ եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մօտիկ բարեկամները, բարերար եղբայրներուն հրաւէրով ուղղուեցան Լիբանանի գեղատեսիլ վայրերէն ճաշարան մը:

Բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան սրտի խօսք մը արտասանելով գնահատեց Մալեան եղբայրներուն նուիրական աշխատանքը, որ, բարեզարդելէ ետք Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, բարեզարդեցին նաեւ Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին, եւ անոնց մաղթեց յարատեւ յաջողութիւն իրենց կեանքին մէջ, եւ այս ուրախ առիթով երախտագիտական գիր մը յանձնեց բարերար եղբայրներուն:

Որմէ ետք Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց Մալեան եղբայրներուն, առ ի գնահատանք իրենց կատարած բարերարութեան համար:

 


Պետական երեսփոխան  Սեպուհ Գալփաքեան իր կարգին գնահատեց աշխատանքը եւ նշեց, թէ Մալեան եղբայրք միշտ յանձնառու եղած են իրենց ստանձնած աշխատանքներուն նկատմամբ, եւ մենք այսօր կը վկայենք, թէ, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, անոնք նուիրուածութեամբ կը շարունակեն աստուածահաճոյ այս աշխատանքը:

Յատուկ այս առիթին համար պատրաստուած կարկանդակը հատեցին սրբազան առաջնորդը, ՀՀ դեսպանը, պետական երեսփոխանը, ինչպէս նաեւ Մալեան եղբայրները:

 

Թղթակցութիւնը ՝ «Արարատ»էն