image

Միացեալ Նահանգներ սառեցուց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի իր անդամակցութիւնը

Միացեալ Նահանգներ     սառեցուց    ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի իր անդամակցութիւնը

 Միացեալ Նահանգներու արտաքին գերատեսչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ ԱՄՆ կը սառեցնէ  ՄԱԿ-ի Եունեսքօ-ին իր անդամակցութիւնը: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Ռօյթըրզ»  լրատուականը յայտնելով նաեւ, որ որոշման դրդապատճառները ցարդ կը մնան անյայտ: Իր կարգին Եունեսքօ-ի մէկ բանբերը ափսոսանք յայտնեց ԱՄՆ-ի ընդունած որոշումին համար:

 

 

 Յիշեցնենք, որ  այս  օրերուն ընթացքի  մէջ են  Եունեսքօ-ի նոր քարտուղարի ընտրութիւնները:

 Պաքուի թեկնածուն՝ Փօլատ Պիւլպիւլօղլու երէկ կայացած ընտրութեան փուլին խայտառակ վիճակի մատնուելէ ետք յետս կոչած էր իր թեկնածուութիւնը:

 

 Ներկայիս Քաթար եւ Ֆրանսա կը համարուին ամէնէն հիմնական թեկնածուները Եունեսքօ-ի քարտուղարի պաշտօնին համար: