image

Լոյս տեսաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԷ. հատորը

Լոյս տեսաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի  ԼԷ. հատորը

Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2017ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԷ. (37րդ) հատորին շնորհանդէսը, ներկայութեամբ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, կրթական ու մամլոյ մշակներու եւ բարեկամներու։

Մեծ բացական, ցաւօք սրտի, Հ.Հ. Հանդէսի նախորդ 26 տարիներու նուիրեալ պատասխանատու խմբագիր Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանն էր, որ վախճանած էր օրեր առաջ։ Հայր Անդրանիկ, որ 1978ին միացած էր Հայկազեանի ընտանիքին իբրեւ գրաբարի դասախօս, 1991ին ստանձնած էր Հանդէսի պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը, եւ իր գործակիցներուն հետ կրցած էր ապահովել անոր անխափան հրատարակութիւնը։ Իր խմբագրապետութեան օրերուն, Հանդէսը ձեռք ձգած էր բովանդակային հարստութիւն եւ որակային խորք, դառնալով փնտռուած հրատարակութիւն հայագիտական շրջանակներու մէջ։ Հ. Անդրանիկին վախճանումին առթիւ, շնորհանդէսի կազմակերպիչները պարտք սեպած էին ոգեկոչելու անոր յիշատակը, համալսարանէն ներս վարդապետին տարիներու գործունէութիւնը ցոլացնող լուսանկարներու ցուցադրութեամբ։ Սեղաններու վրայ ներկայացուած էին նաեւ Հ. Անդրանիկին հեղինակած ու թարգմանած գիրքերը, խմբագրած Մասիս շաբաթաթերթէն նմուշներ։

Ապա Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան լուսանկարներով ներկայացուց Հ. Կռանեանի Հայկազեան Համալսարանի մէջ ունեցած գործունէութեան զանազան դրուագներ, շեշտը դնելով մանաւանդ 1990-2016 տարիներուն:

Շնորհանդէսին բացման խօսքը կատարեց համալսարանի Հայագիտական ամբիոնի վարիչ Դոկտ. Նանոր Գարակէօզեանը, որ ի պաշտօնէ անցեալ տարի միացած էր խմբագրակազմին։ Ան, ողջունելէ ետք ներկաները, կեդրոնացաւ Հանդէսին աշխատանքային իւրայատկութիւններուն վրայ, շեշտելով որ «միացեալ ուժերով աշխատիլը, տարբեր մասնագիտութիւններէ հմտութիւններ քաղելը եւ բազմակողմանի մօտեցումներով խմբագրելը անհրաժեշտ ազդակներ են մանաւանդ հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, ուր աշխատանքներն ու հետազօտութիւնները... կ՚իրականան բազմաուսմունք (multidisciplinary) ճիգերով եւ միջմասնագիտական հաղորդակցութեամբ»: Ապա, Դոկտ. Գարակէօզեան հակիրճ ներկայացուց հատորը, որ կը բաղկանայ 18 յօդուած-ուսումնասիրութիւններէ, 5 քննարկումներէ, 3 հրապարակումներէ, 7 հաղորդումներէ, 6 գրախօսականներէ եւ 16 մահագրականներէ՝ գրուած Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն 43 տարբեր աշխատակիցներու կողմէ:

Օրուան բանախօսն էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կցորդ, աստուածաբանութեան մասնագէտ, փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու Դոկտ. Վլատիմիր Պօղոսեանը, որ ներկայացուց Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն մասին համապարփակ զեկուցում մը, համարելով որ հայագիտութիւնը համաշխարհայնացման դէմ պայքարի լաւագոյն զէնքերէն մին է, որ «պէտք է զարգանայ ժամանակի պահանջներին համահունչ»։ Պօղոսեան արագ ակնարկով ներկայացուց նախորդ դարերու հայագիտական կեդրոններու գործունէութիւնը, կարեւորելով յատկապէս Մխիթարեաններու աշխատանքը։ Իսկ Ի. դարուն՝ ան դրուատեց Հայաստանի Ակադեմիային, Մատենադարանին, Համալսարանին եւ այլ գիտական հաստատութիւններու հսկայական նպաստը հայագիտութեան հզօր վերելքին։ Պօղոսեան նշեց, թէ այսօր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը գործեն 107 հայագիտական կեդրոններ, ամբիոններ, բաժիններ, ծրագիրեր եւ դասընթացքներ։ Ոմանց պարագային կը նկատուի նահանջի երեւոյթ մը (մասնագէտներու պակաս, տնտեսական տագնապ), ոմանք ալ կ՚արձանագրեն դրական տեղաշարժեր։ Պօղոսեան կարեւորեց Հայկազեան Համալսարանի դերը։ Համալսարանին հայագիտական ամբիոնին դասաւանդութիւնները, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին ծաւալած գործունէութիւնները եւ գործակցութիւնները, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի հրատարակութիւնը եւ աշխատակիցներու մեծ պարագիծը, ըստ բանախօսին «մեծապէս նպաստում են հայագիտութեան եւ հայապահպանութեան զարգացմանը»։ Պօղոսեան նշեց, որ «Հայագիտութիւնը որպէս գիտական համակարգ եւ պետական-ազգային քաղաքականութեան ու գաղափարախօսութեան ծրագրի էական բաղադրիչ՝ մեծ կարեւորութիւն է ստանում յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան պայմաններում»։ Բանախօսը կարեւորեց, որ հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայագիտական կեդրոնները, բոլոր ուղղութիւններով համաշխարհային գիտութեան հետ համընթաց քալելով, իրենց նուաճումները պէտք է ի սպաս դնեն հայոց պետականութեան ամրապնդումին ու անվտանգութեան ապահովումին, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան եւ հայկական քաղաքակրթութեան տարածումին։

Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեան, իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց Հայր Անդրանիկի յիշատակը. ան նշեց, թէ վարդապետին ներկայութիւնը ունէր ազնուացնող, զարգացնող, հայացնող, քաջալերող եւ աշխատանքի մղող ազդեցութիւն բոլորին մէջ։ Ապա, նախագահը յայտնեց, որ Հայկազեանի առաքելութեան մաս կը կազմէ յատկապէս հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ոլորտը, քանի որ հայագիտութիւնը իսկապէս գիտութիւն է, իսկ գիտութիւնը «ընդհանրապէս հայու զարգացման նպաստող վարք է»: Ան յիշեցուց, որ «համալսարաններ եւ ժամանակակից քաղաքակրթութիւններ առանց ուսումնասիրութեանց եւ ուսումնասիրութեան կեդրոններու չեն կրնար իրենց օրերու համապատասխան մտածողութիւն կամ ուսումնական ծրագիր եւ գիտութիւն գոյացնել»: Այս պարունակին մէջ, վերապատուելին կարեւորեց Հանդէսը յատկապէս իբրեւ հասցէն այն հայագէտներուն, որոնք արեւմտահայերէնով աշխատասիրութիւններ կը կատարեն: Հուսկ, նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Հանդէսի խմբագրական կազմին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն։

Շնորհանդէսը աւարտեցաւ կարկանդակի հատումով։

Հարկ է նշել, որ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը արդէն ունի իր միջազգային արժեչափերու համապատասխանութեան շարաթիւը (ISSN)։