image

Թուրքիա. «Wall Street Journal»-ը դատապարտած է իր թղթակիցը ազատազրկելու որոշումը

Թուրքիա. «Wall Street Journal»-ը դատապարտած է իր թղթակիցը ազատազրկելու որոշումը

Ամերիկեան յայտնի «Wall Street Journal»  պարբերականը դատապարտած է է իր՝ Թուրքիոյ թղթակից Այլա Ալպայրաքին՝ 2 տարի 1 ամիս ազատազրկման դատապարտելու  թրքական դատարանի որոշումը:

Միջանկեալ նշենք, որ Ալպայրաքը դատապարտուած է «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան օգտին քարոզչութիւն անելու» մեղադրանքով:

«Sputnik»-ի թրքական ծառայութեան տեղեկացմամբ՝ պարբերականը այդ առիթով  «Անհամաչափ դատավարութիւն»  խորագրով  յօդուած հրապարակած է, ուր քննադատութեան տակ առնուած է թրքական կողմի որոշումը:

«Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իրաւացի է, երբ կը բողոքէ անմեղ մարդոց սպանող եւ կառավարութիւնը տապալել փորձող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ: Սակայն, երբ  թուրք իրաւապահ մարմինները որոշում կը կայացնեն անմեղ լրագրողներուն մեղադրել ահաբեկչութեան հետ կապ ունենալու մէջ, անոնք այդպիսով կը վերահաստատեն, որ Էրտողանը՝ Թուրքիան  վերածած է բռնապետական երկրի»:

Յիշեցնենք, որ Ալպայրաք յայտնուած է թուրք իրաւապահ մարմիններու ուշադրութեան կենդրոն այն բանէն ետք, երբ  2015 թուականի 19 օգոստոսին հրապարակուած է վերջինիս հեղինակած «Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջանին մէջ քաղաքացիական պատերազմը կը թէժանայ»  վերնագրով յօդուածը: