Ամերիկեան յայտնի «Wall Street Journal» պարբերականը դատապարտած է է իր՝ Թուրքիոյ թղթակից Այլա Ալպայրաքին՝ 2 տարի 1 ամիս ազատազրկման դատապարտելու թրքական դատարանի որոշումը:
Միջանկեալ նշենք, որ Ալպայրաքը դատապարտուած է «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան օգտին քարոզչութիւն անելու» մեղադրանքով:
«Sputnik»-ի թրքական ծառայութեան տեղեկացմամբ՝ պարբերականը այդ առիթով «Անհամաչափ դատավարութիւն» խորագրով յօդուած հրապարակած է, ուր քննադատութեան տակ առնուած է թրքական կողմի որոշումը:
«Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իրաւացի է, երբ կը բողոքէ անմեղ մարդոց սպանող եւ կառավարութիւնը տապալել փորձող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ: Սակայն, երբ թուրք իրաւապահ մարմինները որոշում կը կայացնեն անմեղ լրագրողներուն մեղադրել ահաբեկչութեան հետ կապ ունենալու մէջ, անոնք այդպիսով կը վերահաստատեն, որ Էրտողանը՝ Թուրքիան վերածած է բռնապետական երկրի»:
Յիշեցնենք, որ Ալպայրաք յայտնուած է թուրք իրաւապահ մարմիններու ուշադրութեան կենդրոն այն բանէն ետք, երբ 2015 թուականի 19 օգոստոսին հրապարակուած է վերջինիս հեղինակած «Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջանին մէջ քաղաքացիական պատերազմը կը թէժանայ» վերնագրով յօդուածը: